Երուսաղէմի Պատրիարքարանը Կը Շահի ԹուրքիոյՄէջ Իր Հսկայական Կալուածներուն Վերատիրանալու Դատը

Յարութ Սասունեան
www.TheCaliforniaCourier.com
2019 թուականին յօդուած մը գրած էի Երուսաղէմի Հայոց
պատրիարքարանին կողմէ 2012 թուականին Թուրքիոյ մէջ բացուած
դատին կարգավիճակին մասին՝ տասնամեակներ առաջ իր բռնագրաւուած
հազարէ աւելի կալուածներուն վերատիրանալու վերաբերող։
12 տարի շարունակ Թուրքիոյ մէջ տարբեր դատարաններու դիմելէ
ետք պատրիարքարանը վերջապէս մեծ յաղթանակ տարաւ նախորդ շաբաթ։
Իշխան Էրտինչ այս լաւ լուրը հրապարակեց 4 հոկտեմբեր 2024-
ին Պոլսոյ հայկական «Ակօս» թերթին մէջ՝ «Կարեւոր զարգացում Թուրքիոյ
մէջ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան
կալուածներուն վերաբերեալ. «Մարյակոբ» (Ս. Յակոբ) հայկական եկեղեցւոյ
հիմնադրամը ձեռք կը բերէ իրաւաբանական անձի կարգավիճակ» խորագիրը
կրող յօդուածով։ «Մարյակոբ» ըսելով ան նկատի ունի
Երուսաղէմի Սուրբ Յակոբ հայոց պատրիարքարանը։
Թուրքիոյ Հիմնադրամներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը (GDF) 1973 թուականին
բռնագրաւած էր Երուսաղէմի պատրիարքարանի կալուածները՝ Օսմանեան
կայսրութեան ժամանակ ստեղծուած «Մարյակոբ» հայկական
եկեղեցւոյ հիմնադրամը ներկայացնելով իբրեւ այլեւս չգործող։
Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանի 2012
թուականի դատը ի սկզբանէ մերժուած էր թէ՛ Անգարայի ստորին ատեանին, եւ
թէ վերաքննիչ դատարանին կողմէ։ Այնուհետեւ պատրիարքը դիմեց
Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան՝ երկրի բարձրագոյն դատարան, որ
որոշեց, թէ ստորին ատեանի դատարանը խախտած էր Երուսաղէմի Հայոց
պատրիարքարանին իրաւունքները։ Ստորին դատարանը այնուհետեւ
չեղեալ յայտարարեց Հայոց պատրիարքարանի կալուածներու սառեցուած
կարգավիճակը։
Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի թուրք փաստաբան Ալի Էլպեյողլուն «Ակօս»
թերթին յայտնեց, որ պատրիարքարանը այժմ
երկու ընտրանք ունի՝ կա՛մ Թուրքիոյ քաղաքացի մը կը նշանակէ
իբրեւ իր ներկայացուցիչը Թուրքիոյ մէջ՝ իր կալուածներուն տնօրինելու
համար, ինչպէս էր պարագան մինչեւ անոնց բռնագրաւումը, եւ կա՛մ ալ անոնք
պիտի կառավարուին Երուսաղէմէն։
Տարիներու ընթացքին Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի բռնագրաւուած
կալուածներուն մեծ մասը վաճառուած է երրորդ անձերու՝
առանց պատրիարքարանին որեւէ փոխհատուցում վճարելու։
Պատրիարք Մանուկեան այս տարիներուն ընթացքին երբեք
հրապարակային յայտարարութիւն չէ կատարած Թուրքիոյ մէջ իր բացած
դատին մասին։Լրատուամիջոցներու հաղորդագրութիւնները միայն կը
վերաբերէին անյայտ պատճառներով Պոլիս տրուած անոր բազմաթիւ
այցելութիւններուն։ Թէեւ փաստաբան Էլպեյողլուն «Ակօս»-ին ըսաւ, որ
Երուսաղէմի պատրիարքարանը 100-է աւելի կալուածներ ունի Թուրքիոյ մէջ, բայց
եւ այնպէս պատրիարք Մանուկեան 2019-ին ինծի տուած յատուկ հարցազրոյցին
ընթացքին նշեց, որ պատրիարքարանը 1200 կալուած ունեցած է միայն Պոլսոյ մէջ,
իսկ քանի մը տասնեակ ալ՝ ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին։ Պատրիարքը նաեւ ինծի
տեղեկացուց, որ նախապէս Պոլսոյ մաս կազմող Եալովայի մէջ, Երուսաղէմի
պատրիարքարանին պատկանող շատ մեծ եւ արժէքաւոր կալուած մը պոլսահայու
մը կողմէ 1950-ականներուն վաճառուած է թուրքի մը, եւ այնուհետեւ ծախողը
փախուստ տուած է Միացեալ Նահանգներ։
Պատրիարքը ըսաւ, որ հետամուտ է դատ բանալու այս պոլսահայուն
ժառանգորդներուն դէմ։ Փաստաբան Էլպեյողլուն նախորդ շաբաթ «Ակօս»-ին
ըսաւ, որ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանին կը
պատկանի «Կուզքիւնչուք (Պոլսոյ մէջ գտնուող) մեծարժէք առանձնատունը,
որուն իրաւունքը հաստատող փաստաթուղթը փոխանցուած է Պոլսոյ
քաղաքապետարանին, այնուհետեւ անիկա քանդուած է»։ Փաստաբանը
նաեւ նշեց, որ «Հայոց պատրիարքարանի հիմնադրամէն բռնագրաւուած է 21
կալուած Ալթունիզատէի մէջ (Պոլիս), Պոլսոյ նշանաւոր Իսթիքլալ պողոտային
մէջ, նաեւ Ֆաթիհի (Պոլսոյ շրջան) եւ Ատանա քաղաքներուն մէջ»։
Տակաւին յստակ չէ, թէ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանը ի՛նչ պիտի
ընէ վերատիրացած կալուածներով եւ ի՛նչ փոխհատուցում պիտի ստանայ այն
կալուածներուն համար, որոնք վաղուց վաճառուած են երրորդ անձերու:
Երուսաղէմի Հայոց
պատրիարքարանին կ՛առաջարկեմ՝ յառաջացնել յարգարժան հայ
անհատներէ բաղկացած միջազգային յանձնաժողով մը, որպէսզի վերահսկէ այս
կալուածներուն կառավարման եւ պատրիարքարանին տրուելիք փոխհատուցումն
երուն: Նկատի ունենալով Իսրայէլի մէջ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի
կալուածներու վաճառքին կամ վարձակալութեան շուրջ ծայր առած վէճերը,
պատրիարքին ձեռնտու պիտի ըլլայ թափանցիկութիւն ցուցաբերել՝
գաղտնի գործարարութիւններէ եւ փտածութեան վերաբերող
մեղադրանքներէ խուսափելու համար:
Այս կալուածներուն սպասուած վերադարձը շատ դրական զարգացում է, քանի որ
թրքական կառավարութիւնը հազուադէպօրէն համաձայնած է հայ
սեփականատէրերուն վերադարձնել տասնամեակներ առաջ
բռնագրաւուած անոնց կալուածները: 2011 թուականին
Թուրքիոյ կառավարութիւնը յայտարարեց, որ հայկական, յունական եւ հրէական
բարեսիրական հիմնադրամներէն բռնագրաւուած կալուածները կա՛մ անոնց
պիտի վերադարձնէ, եւ կամ
փոխհատուցում պիտի վճարէ կալուածներուն արժէքին համաձայն, եթէ անոնք
վաճառուած են երրորդ անձերու։
Այնուամենայնիւ, շարք մը կալուածներ տուեալ փոքրամասնութիւններուն
վերադարձուելէ ետք, կառավարութիւնը կասեցուց այս գործընթացը, թէեւ որոշ
դատական գործեր տակաւին ընթացքի մէջ են:
Բռնագրաւուած հայկական կարգ մը կալուածներ իրենց հայ սեփականատէրերուն
վերադարձնելու Թուրքիոյ քայլերը կը դիտարկեմ իբրեւ իրենց
պատմական յանցանքներէն սրբուելու միջոց: Թէեւ մենք պէտք է զգուշանանք
թրքական նման խորամանկ խաղերէ, բայց պէտք է նաեւ օգտուինք բոլոր
կարելիութիւններէն՝ վերադարձնելու Ցեղասպանութեան ժամանակ
մեր կորսնցուցած տարածքներուն, կալուածներուն եւ այլ ունեցուածքներուն
մէկ մասը: Իսկ ինչ որ չենք կրնար վերադարձնել, անոնց համար
պէտք է փոխհատուցում ստանանք:
Այս պատճառով ալ հայ ժողովուրդը երբեք պէտք չէ մոռնայ անցեալի
անարդարութիւնները եւ կարելի ամէն բան ընէ, որպէսզի պահպանէ իր
կորուստներու յիշողութիւնը այնքան ատեն որ անհրաժեշտ է։
Ոչինչ առյաւէտ կորսուած է: Պատմութիւնը անսպասելի շրջադարձներ պիտի
ունենայ, եւ ոչ ոք գիտէ, թէ ե՛րբ իրավիճակը պիտի փոխուի յօգուտ մեզի: Սակայն,
եթէ մենք անձամբ հրաժարինք մեր պահանջներէն, այն ատեն ամէն բան առյաւէտ
կը կորսնցնենք

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *